Հայոց բանակը մեր հայրենիքի հզորության աղբյուրն է ու մեր ազգի միության առանցքը․ Արամ Ա

Հայոց բանակի օրը հրաւէր է իւրաքանչիւր հայուն, իր խոր յարգանքը ու բարձր գնահատանքը յայտնելու Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան պաշտպանութեան համար իր արիւնը թափելու պատրաստ հայոց քաջ բանակին։

Արդարեւ, հայոց բանակը մեր հայրենիքին հզօրութեան աղբիւրն է ու մեր ազգին միութեան առանցքը։ Մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն դէմ մեր իրաւունքները ու արժէքները պաշտպանող եւ մեր հաւաքական հաւատքը ու վճռակամութիւնը մարմնացնող հզօր ոյժն է հայոց բանակը։

Հետեւաբար, հարկ է աւելի հզօրացնել մեր բանակը՝ աղօթելով իւրաքանչիւր զինուորի անվտանգութեան համար ու հայոց բանակին տալով ինչ որ հրամայական է յատկապէս ներկայ ժամանակներուն։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ