Ճակատագրական հանգրվանում է Հայաստանը՝ ներքին բևեռացումներով ու անորոշությամբ․ Արամ Ա Վեհափառ

Սան Ֆրանցիսկոյում պաշտոնական ճաշկերույթ է մատուցվել՝ ի պատիվ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի․

«Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակին առիթով, ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով հայորդիներու:

Վեհափառ Հայրապետին կողքին ճաշկերոյթին ներկայ էին Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, միաբան հայրեր, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետները, նոյն ժողովին անդամներ, Հ.Յ.Դ. բիւրոյի եւ տեղւոյն կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ, թեմի Ազգային իշխանութեան եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ եւ կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ::

Օրուան հանդիսավարն էր Նանոր Էքմէքճեան։ Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արցախ Քհն. Պատոյեան եւ առաջնորդ սրբազան հայր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան:

«Վեհափառ Տէր, որդիական ջերմ սիրով բարի գալուստ կը մաղթենք ձեզի Սան Ֆրանսիսքօ։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով կը շնորհաւորենք ձեր գահակալութեան 30 ամեակը» բարեմաղթանքով՝ իր խօսքը սկսաւ ատենապետը։ Շարունակելով իր խօսքը՝ ան ըսաւ. «Վերջին երեք տասնամեակներուն մասին մտածելով, ձեր Աստուածահաճոյ ու ազգօգուտ գահակալութիւնը կարելի է բնորոշել հետեւեալ բառերով՝ հաւատք եւ ծառայութիւն։ Անսասան հաւատք՝ մեր Տիրոջ հանդէպ եւ աննահանջ ծառայութիւն՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ու հայ ազգին։ Վեհափառ Տէր, հովուապետական ձեր այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անգամ մը եւս լսելու ձեր հայրապետական պատգամները եւ ստանալու ձեր օրհնութիւնը։ Այսօր, աւելի քան երբեք, կարիքը ունինք ձեր հայրական խրատներուն ու ցուցմունքներուն, երբ մեր Հայրենիքը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայ աշխարհը բազմաթիւ վտանգներ ու մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Վերջապէս, ձեր այցելութիւնը նոր ոյժ եւ յոյս պիտի ընծայէ յատկապէս մեր գաղութին, որպէսզի վերանորոգ թափով շարունակենք ազգանուէր մեր առաքելութիւնը»։

Ապա, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Ան ըսաւ ընդգծեց. «Այս օրը եւ շաբաթավերջը պատմական է համայնքիս համար եւ միաժամանակ՝ անկիւնադարձային՝ մեր ազգին համար: Նոյնպէս կը հաւատանք, որ մեր ազգի ազնիւ հայորդիները, հակառակ մեր առջեւ բացուող ամէնօրեայ բազմաթիւ վտանգաւոր մարտահրաւէրներուն, գիտեն համախմբուիլ մայր սուրբ եկեղեցւոյ հոգատար թեւերուն տակ։ Այնպէս ինչպէս Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ հաստատուած Քրիստոսաւանդ հայ եկեղեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով եւ Աստուծոյ օրհնեալ կամքով գոյատեւեց դարեր շարունակ, գալիք դարերուն ալ պիտի մնայ կանգուն։ Այսօր, սակայն, Վեհափա՛ռ Տէր, հայ ազգը ամբողջ ձեզի կը նայի՝ որպէս առաքելական անխաբան յաջորդականութեամբ ազգընտիր Կաթողիկոս, ներշնչման աղբիւր, խոհեմ ղեկավար եւ քաջ հովուապետ»։

Հուսկ, առաջնորդ սրբազան հայրը ներկաներուն սիրտի թարգմանը հանդիսանալով՝ իր խօսքը ուղղեց Նորին Սրբութեան՝ շեշտելով. «Վեհափա՛ռ Տէր, մեր շրջան ձեր այցելութիւններով դուք Արեւմտեան թեմի բոլոր համայնքները հրավառեցիք առողջ ու ներդաշնակ կեանքով ապրելու ցնծութեամբ եւ զանոնք զօրացուցիք անոնց բարեպաշտութեան ու ծառայական աշխատանքներուն մէջ: Մեր մէջ ձեր ներշնչող ներկայութեամբ մեր համայնքները կը նորոգեն ուժ եւ կը բազմապատկեն կորով: Վստահ ենք, որ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր սիրելի համայնքը եւս առաւելագոյն չափով գօտեպնդուեցաւ ձեր ներկայութեամբ եւ ձեր հայրապետական յորդորներով ան պիտի վերակազմակերպէ իր կեանքը եւ դառնայ հայկական աւելի հզօր ներկայութիւն՝ Սան Ֆրանսիսքոյի այս գեղատեսիլ ափերուն»: Ապա, սրբազան հայրը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ ուղղելու համար իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը։

Վեհափառ Հայրապետը առաւելաբար անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ յատկապէս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կատարուող հսկայ աշխատանքին: Ան ըսաւ, որ «Մենք հեռու ենք մեր մասին քարոզչութիւն կատարելէ. մեր գո՛րծն է, որ կը խօսի մեր կատարած հսկայ աշխատանքին մասին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ճառագայթող ներկայութիւն է հայ կեանքին մէջ՝ զանազան մարզերէ ներս իր կատարած աշխատանքով»: Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ յառաջիկայ տարիներուն կատարուելիք աշխատանքներու առաջնահերթութեանց՝ յատկապէս շեշտելով մարդուժի պատրաստութեան եւ Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան՝ ըսաւ. «Ժամանակակից պատմութեան ճակատագրական հանգրուանին կը գտնուի Հայաստանը՝ ներքին բեւեռացումներով ու անորոշութեամբ տիրապետուած: Մեր տեսակէտը այս գծով զանազան առիթներով յայտնած ենք: Անհրաժեշտ է Հայաստանը դուրս բերել ներկայ վտանգալից կացութենէն՝ համախմբուելով մեր կառոյցներուն շուրջ եւ ամրապնդելով մեր ազգին միասնականութիւնը»:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Կիլիկեան ուխտի» հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ»։