Ւ՞նչ է կրթութեան, դպրոցին նպատակը․ Կոմիտաս

Պարն ու մանուկը

Ւ՞նչ է կրթութեան, դպրոցին նպատակը։ Մանուկը բարոյական կեանքի փիլիսոփայութիւնը, կեանքի հասկացողութիւնը չունի։ Պէտք է անոր հոգեկան զգացումներուն հաւասարակշիռ դաստիարակութիւն մը տալ։ Որպէսզի երգեցողութիւնը դնդերներու միջոցով անոր ուղեղին բարերար ազդեցութիւն մը ունենայ, պէտք է գիտակցական ըլլայ։ Երգը կը սովորին իբրեւ Հաճոյքի առարկայ, եւ երբ կը մեծնան, որեւէ ագդեցութիւն չեն կրեր անկէ՝ դարձեալ նոյն ակնարկով։ Դատարկ հնչումէն դատարկ գգացում կ՚առաջանայ։ Զգացումները կանոնաւորելու, ուղղելու, զարգացնելու համար հարկ է երգեցողութեան աւանդումին նպատակայարմար ուղղութիւն մը տալ։ Մեր մէջ փոքրիկ մանուկներու կը սկսեն սովորեցնել բարոյախօսական, խրատական, փիլիսոփայական երգեր, որոնց իմաստն ան չի հասկնար, ու չ՝ազդուիր այնպէս, ինչպէս պէտք էր։ Մենք մանուկներու հոգեկան պահանջներուն յարմարցուած դասագրքերը չունինք. մեր դասագրքերը լեցուն են փիլիսոփայական, բայց ոչ ճիշտ մանկական նիւթերով։ Մանուկը չ՝ըսեր՝ «Յակոբ», այլ «Ակօ»։ Ո՞վ ձեր մէջէն ուզած է կլլել կամ կլլած է՝ քարեր, բայց նոյնն ըրած էք մանուկներու համար։ Անոնց, որ տակաւին կեանքի հասկացողութիւնը չունեն, դուք տւած էք կեանքի փիլիսոփայութեան դասեր. ասիկա իր մտաւոր ստամոքսը չի կրնար մարսել. ծուռ, ծուռ դաստիարակութիւն է։ Իսկական վարժապետներ չկան։ Եթէ մանուկը չի հասկնար ձեր դասաւանդութիւնը, յանցանքը ձերն է, որովհետեւ չէք կրցած հասկնալ անոր հոգին, պէտք է իջնել մինչեւ անոր հոգեկան աստիճանը եւ զայն առնելով ձեզի հետ բարձրացնել։ Սխալ դաստիարակութեան արդիւնքն է, որ շատերը, որոնք հանճարներ պիտի ըլլային, եղած են գողեր։ Սուր, թուր գործածելը տեսակ մը ուժ է։ Փախչելու, պատիժէ, կախաղանէ ազատելու միջոցներ խորհիլը հանճարամտութիւն կը պահանջէ։ Տեսնուած են աւազակներ, որոնք բանտէն ելնելէն ետք զգաստ հանճարներ դարձած են։

Մանուկը բնախօսական պակաս չունի, եթէ օժտուած է։ Ընտանիքը որքան գարգացած ըլլայ, մանուկն ալ այնքան մտքի առաւելութիւններով երեւան կու գայ։ Շատ վատ է, ընդհակառակն, անոր տպաւորութեան յանձնել վիճակներ, որոնցմէ մին է երես տալ. պէտք է անոր կարողութիւնները չափաւորել, կոկել կանոնաւոր զարգացում մը ապահովել։

Թէ ինչպէս մանուկները դաստիրակել՝ ոչ այլ կիրքերը ձգտումները սանձարձակ թող տալով, – ասոր միջոց ցոյց կուտանք։ Մանուկները դասաւորել ձայնի կարգով, որովհետեւ ձայնը, որ անոր ուղեղային բջիջներուն կը յարաբերի նեարդի ու դնդերներրու միջոցով, արտայայտիչն Է անոր հոգեկան կարողութիւններուն։ Հետեւաբար, երբ դասարանի մէջ նստեցնել տրուի ձայնի կարգով, անոնք ոչինչ վիրաւորանք կը զգան, եւ զերօ հաւասար նկատելով՝ չգիտցող մը գիտցողէն կը սորվի։ Առաջնորդուելու է բնութեան համաձայն։ Պէտք է տխուր երգ չտալ երբեք. այլ ամէն ինչ աշխոյժ, եռանդ պիտի ներմուծէ անոնց հոգիներէն ներս։ Ձայնի թիւեր գտնելով՝ միջինը 5-էն վեր ընելու չէ 5 տարեկան մանուկի համար, եւ 7-էն վեր 12 տարեկանի համար:

Ւ՞նչպէս ուսուցանել։ Նախ վարժապետն ինքը սորվելու է այն, զոր պարտ, է դասախօսել։ Չորս տեսակ ձայն կայ , – ձայն, կիսաձայն, բաղաձայն, անձայն։ Մանուկին սկսել տալու է այս կարգով- ա՜ ա՜յ, վերջը՝ ա՛յ, ա՛յ, է, ու վերջիվերջոյ երգել եւ քալել կամ պարել տալու է։ Երգեցողութիւնը սրտին հետ կապ ունի, որ ուղղակի հոգիին կ’երթայ։ Ուսուցիչ պարոննե՚ր ու քոյրե՚ր, գգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէ՛ք դաստիարակութեան գործին. խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը։ Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է։ Սխալ ուղղութեամբ՝ ազգ մը կը խորտակէք վերջը։ Որքան ուրախալի է ինծի տեսնել հոս համախմբուած ուսուցչական դասը, որ եկած է մանկավարժական դրութիւններ ուսանելու։ Ռուսահայաստանի մէջ ուսուցչական խումբը քիչ մը տարբեր ուղղութեամբ է։ Հոն ամէն մէկն իր փորձառութիւններուն արդիւնքը, իր տեղեկագիրը կը բերէ ժողովին, եւ այդ արդիւնքներէն ընդհանուր եզրակացութիւններ կը հանեն ու կը ներմուծեն վարժարաններու մէջ, որոնց ամենուն ծրագիրը մէկ է, եւ այդ ուղղութիւնով կը քալէ։ Մէկէն ելած աշակերտը միւսին շատ հեշտիւ կը շարունակէ իր ընդհատած տեղը. մինչ հոս կրկին գիտութիւններ, լեզուներ սովորելու է, ուրիշ վարժարան մը հետեւելու համար։ Երանի՜ թէ օգտակար ըլլայի։

Գագիկ Գինոսյանի էջից