Սիրիայի Հոմս քաղաքի վիճակը կայուն է․ տեղի հայերին վտանգ չի սպառնում

Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամերուն, Հոմսի հարաւային ծայրամասերէն «Զայտալ» աւանին մէջ այր մարդ մը եւ կինը սպանուեցան։ Այս մասին հայտնում է Լաթաքիոյ «Գանձասար» օրաթերթը։

Քանի մը ժամ ետք, քաղաքի հարաւային թաղամասերէն ներս պարետային ժամ յայտարարուեցաւ եւ ներքին ապահովական ուժեր տարածուեցան` ապահովական լարուած իրավիճակին հսկելու եւ քաղաքէն ներս ապահովութիւնը ամրապնդելու համար։

ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ այժմ Հոմսի հարաւային թաղամասերուն իրավիճակը կայուն է եւ ապահովական ուժերը իրենց կարելին ի գործ կը դնեն քաղաքին սովորական իրավիճակը վերականգնելու համար։

Դէպքի վայրը մօտ է «Հայկական Թաղամաս» կոչուած շրջանին, սակայն այնտեղ հայեր չեն բնակիր ներկայ դրութեամբ։ Յարակից թաղամասերուն կայ քանի մը հայ ընտանիք։

Հոմսի հայ բնակիչները «Գանձասար»-ին յայտնեցին, որ սպանութիւնը ըստ տեղացիներու աշիրէթներու միջեւ եղած ընտանեկան խնդրի մը հետեւանք է։