Հայրենիքը շրջապատված է լուրջ տագնապներով, կոչված ենք հավատքով իրագործել մեր ծառայական կոչումը
Խստապահանջությունը, նախանձախնդրությունն ու հավատարմությունը հիմք կկազմեն մեր միաբանության նկարագրին ու կյանքին։ Անթիլիասի մայրավանքում՝ իր ելույթում, ասել է Արամ Ա Վեհափառ հայրապետը․
«Այսպէս բնորոշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան նկարագիրը, կեանքը ու կոչումը, եպիսկոպոսաց դասուն եւ ապա վանաբնակ միաբանութեան հետ յաջորդաբար իր ունեցած հանդիպումներու ընթացքին:
«Մենք անհատ միաբաններ չենք, այլ Միաբանութիւն ենք՝ հաւաքական մէ՛կ անձնաւորութիւն: Այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կոչուած ենք մտածելու ու գործելու, ծառայելու ու կազմակերպելու մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը, Մայրավանքէն թէ թեմերէն ներս», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր շրջապատուած ենք տեսակ-տեսակ երեւոյթներով, զարգացումներով, մօտեցումներով, մտածելակերպերով ու կենցաղակերպերով, որոնք երբեմն իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան հայ հոգեւորականի կեանքին, մտածողութեան ու գործին վրայ:
Հարկ է ըլլալ զգօն եւ ամրօրէն կառչած մնալ մեր կոչումին ու անոր պարտադրանքին: Հոգեւորականը իրաւունք չունի սովորական մարդ դառնալու: Ան միջնորդ է Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ եւ Քրիստոսի դեսպանն է, ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը: Այս ինքնագիտակցութիւնը պէտք է մղիչ ոյժը դառնայ հոգեւորականի կեանքին ու ծառայութեան»:
Այս առիթով Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց, որ մեր Ս. Աթոռին միաբանները անմնացորդ նուիրումով կը ծառայեն Մայրավանքէն ու թեմերէն ներս: «Մեր Սուրբ Աթոռին համար եկեղեցւոյ ծառայել կը նշանակէ ազգին ու Հայրենիքին ծառայել: Այսօր, երբ մեր Հայրենիքը շրջապատուած է լուրջ տագնապներով եւ մեր ժողովուրդը ամէն տեղ կը դիմագրաւէ ահաւոր կարիքներ ու դժուարութիւններ, մենք կոչուած ենք վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով իրագործելու մեր ծառայական կոչումը», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ վանական պաշտօններու, ինչպէս նաեւ ամրան ժամանակաշրջանին առնչուած շարք մը ծրագիրներու»։