Արամ Ա Վեհափառն ընդունել է «Լիբանանյան ուժեր» և «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցությունների պատվիրակություններին

Ապրիլի 26-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունենց Լիբանանեան Ոյժեր եւ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւնները: Անոնք բաղկացած էին յիշեալ կուսակցութիւններու երեսփոխաններէ ու նախարարներէ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Պատուիրակութիւնները նախ ծաղկեպսակ զետեղեցին Մայրավանքի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ՝ իրենց յարգանքը արտայայտելով մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն եւ ապա Վեհարանի դահլիճին մէջ յաջորդաբար հանդիպում ունեցան Նորին Սրբութեան հետ:

Հանդիպման ընթացքին անոնք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին, ողջունեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին Ցեղասպանութիւնը յիշելու քաջ քայլը եւ քննադատեցին Թուրքիոյ ուրացման ու ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու Լիբանանը յուզող հարցերուն: