«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ.- Ա՛ՅՍ Է ՀԱՅՈՒ ՊԱՀԱՆՋՔԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ»․ Արամ Ա

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Ն․ Ս․ Օ․ Տ․ Տ․ Արամ Ա-ն գրառում է կատարել՝ շեշտելով, որ Թուրքիայից հայ ժողովրդի պահանջը նույնն է․ ցեղասպանության ճանաչում և հայ ժողովրդի իրավունքների վերահաստատում։ Արամ Ա կաթողիկոսի գրառումը՝ ստորև․

«Որքան կը յիշեմ, շուրջ ութ տարիներ առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն, միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած էր: Այս ծիրէն ներս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնիթ եկեղեցւոյ Պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն քանի մը ժամ առաջ Պատրիարքը իր անձնական ներկայացուցիչին ճամբով կապ հաստատեց ինծի հետ՝ գիտնալու համար, թէ կը փափաքի՞մ ներկայ ըլլալ իր եւ Տաւութօղլուի միջեւ տեղի ունենալիք անձնական հանդիպումին: Չէի գիտեր, եւ փաստօրէն չուզեցի գիտնալ, որ յիշեալ փափաքը կամ հրաւէրը Պատրիարքի՞ն կողմէ էր, թէ՝ Տաւութօղլուին: Ամէն պարագայի մերժեցի: Պատրիարքը դարձեալ իր ներկայացուցիչին ճամբով լուր ղրկեց՝ ըսելով.- կը հասկնամ Ձեր մօտեցումը. արդեօք Ձեր կողմէ որեւէ բան կրնա՞մ փոխանցել նախարարին: Իմ պատասխանս եղաւ հետեւեալը.- եթէ այս հարցումը ուղղուի այս երկրագունդին վրայ ապրող ոեւէ հայու, հետեւեալ պատասխանը պիտի ստանաք.- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հայ ժողովուրդին բռնաբարուած իրաւունքներու վերադարձ»։