Արամ Ա կաթողիկոսը 2021 թվականը հռչակել է Արցախի տարի

Մեծի Տանն Կիլիկո Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը 2021 թվականը հռչակել է Արցախի տարի: Այս  մասին տեղեկացնում է Արամ Ա կաթողիկոսի Ֆեյսբուքի էջը։

«2003 թուականէն սկսեալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով իւրաքանչիւր տարին ձօնած է մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայրենիքին, մեր անցեալին ու ներկային առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը։ Այս ծիրին մէջ, մեր թեմերէն ներս զանազան ձեռնարկներու ճամբով տուեալ տարուան թեման դարձած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յատուկ առարկան՝ վերաշեշտելով մեր հոգեւոր ու ազգային պատկանելիութեան հրամայականը։Մեկնելով Արցախին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութենէն, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին պատերազմի հետեւանքով Արցախին շուրջ ստեղծուած մեր խոր մտահոգութենէն, Նորին Սրբութիւնը 2021 տարին հռչակեց «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։ Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը պիտի կարդացուի Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, ինչպէս նաեւ նոյն եւ յաջորդ Կիրակի օրերը՝ մեր բոլոր թեմերէն ներս»,- ասված է հաղորդագրության մեջ։